2013-01-28 13:27:36

Մամլոյ Աուլիս Ներկայացնելու` Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Հիւանդին Համաշխարհային 21-րդ Օրուան Առթիւ Յղած Պատգամը։


2013-ի Հիւանդի Համաշխարհային 21-րդ օրը կը նշուի յառաջիկայ 11 Փետրուարին։ Այս առթիւ 29 Յունուար 2013-ի առաւօտեան ժամը 11,30 Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակի ՅՊԲ անուան Սրահին մէջ տեղի կ՛ունենայ մամլոյ ասուլիս մը ներկայացնելու համար Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Հիւանդին Համաշխարհային 21-րդ Օրուան Պատգամը ու վերոյիշեալ օրուան հանդիսաւոր նշումը Պավիէրայի մէջ։
Մամլոյ Ասուլիսին ելոյթ կ՛ունենան գերապայծառ Զիկմունդ Զիմովսքի` Վատիկանի առողջապահութեան հովութեան քահայանապետական խորհուրդի նախագահ, գերապայծառ Ժան Մարի Մուբէնտաուաթու վերոյիշեալ խորհուրդի քարտուղար, հայր Աուկուսթօ Քէնտի` խորհուրդի ենթաքարտուղար, գերապայծառ Լուտվիկ Լիմպրուննէր` Ալթոթթինկի Սրբավայրի ՐԷկտոր եւ հայր Ժանսուզ Սւործիքիէվիչ` Էյքսդադի Կաթողիկէ համալսարանի դասատու։








All the contents on this site are copyrighted ©.